Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԷ. (37-րդ) հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու:
Մեծ բացական, ցաւօք սրտի, «Հանդէս»-ի նախորդ 26 տարիներու նուիրեալ պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանն էր, որ վախճանած էր օրեր առաջ: Հայր Անդրանիկ, որ 1978-ին միացած էր Հայկազեանի ընտանիքին` իբրեւ գրաբարի դասախօս, 1991-ին ստանձնած էր «Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը եւ իր գործակիցներուն հետ կրցած էր ապահովել անոր անխափան հրատարակութիւնը: Իր խմբագրապետութեան օրերուն «Հանդէս»-ը ձեռք ձգած էր բովանդակային հարստութիւն եւ որակային խորք` դառնալով փնտռուած հրատարակութիւն հայագիտական շրջանակներու մէջ: Հ. Անդրանիկին վախճանումին առթիւ շնորհահանդէսի կազմակերպիչները պարտք սեպած էին ոգեկոչելու անոր յիշատակը` համալսարանին մէջ վարդապետին տարիներու գործունէութիւնը ցոլացնող լուսանկարներու ցուցադրութեամբ: Սեղաններու վրայ ներկայացուած էին նաեւ Անդրանիկին հեղինակած ու թարգմանած գիրքերը եւ խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթէն նմուշներ:
Ապա «Հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան լուսանկարներով ներկայացուց հայր Կռանեանի Հայկազեան համալսարանին մէջ ունեցած գործունէութեան զանազան դրուագներ` շեշտը դնելով մանաւանդ 1990-2016 տարիներուն վրայ:
Շնորհահանդէսին բացման խօսքը կատարեց համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Նանոր Գարակէօզեանը, որ ի պաշտօնէ անցեալ տարի միացած էր խմբագրական կազմին: Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, կեդրոնացաւ Հանդէսին աշխատանքային իւրայատկութիւններուն վրայ` շեշտելով, որ` «Միացեալ ուժերով աշխատիլը, տարբեր մասնագիտութիւններէ հմտութիւններ քաղելը եւ բազմակողմանի մօտեցումներով խմբագրելը անհրաժեշտ ազդակներ են մանաւանդ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, ուր աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները կ՛իրականան բազմաուսմունք (multidisciplinary) ճիգերով եւ միջմասնագիտական հաղորդակցութեամբ»: Ապա դոկտ. Գարակէօզեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հատորը, որ կը բաղկանայ` 18 յօդուած-ուսումնասիրութիւններէ, 5 քննարկումներէ, 3 հրապարակումներէ, 7 հաղորդումներէ, 6 գրախօսականներէ եւ 16 մահագրականներէ`գրուած Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, 43 տարբեր աշխատակիցներու կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ, աստուածաբանութեան մասնագէտ, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը, որ ներկայացուց սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն մասին համապարփակ զեկուցում մը` նկատել տալով, որ հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման դէմ պայքարի լաւագոյն զէնքերէն մին է, որ` «պէտք է զարգանայ ժամանակի պահանջներին համահունչ»: Պօղոսեան արագ ակնարկով ներկայացուց նախորդ դարերու հայագիտական կեդրոններու գործունէութիւնը` կարեւորելով յատկապէս Մխիթարեաններուն աշխատանքը: Իսկ Ի. դարուն` ան դրուատեց Հայաստանի ակադեմիային, Մատենադարանին, համալսարանին եւ այլ գիտական հաստատութիւններու հսկայական նպաստը` հայագիտութեան հզօր վերելքին: Պօղոսեան նշեց, թէ այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն 107 հայագիտական կեդրոններ, ամպիոններ, բաժիններ, ծրագիրեր եւ դասընթացքներ: Ոմանց պարագային կը նկատուի նահանջի երեւոյթ մը (մասնագէտներու պակաս, տնտեսական տագնապ), ոմանք ալ կ՛արձանագրեն դրական տեղաշարժեր: Պօղոսեան կարեւոր նկատեց Հայկազեան համալսարանին դերը: Համալսարանի հայագիտական ամպիոնին դասաւանդութիւնները, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին ծաւալած գործունէութիւնները եւ գործակցութիւնները, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի հրատարակութիւնը եւ աշխատակիցներու մեծ պարագիծը, ըստ բանախօսին, «մեծապէս նպաստում են հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան զարգացմանը»: Պօղոսեան նշեց. «Հայագիտութիւնը որպէս գիտական համակարգ եւ պետական-ազգային քաղաքականութեան ու գաղափարախօսութեան ծրագրի էական բաղադրիչ` մեծ կարեւորութիւն է ստանում յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան պայմաններում»: Բանախօսը կարեւորեց, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները, բոլոր ուղղութիւններով համաշխարհային գիտութեան հետ համընթաց քալելով, իրենց նուաճումները պէտք է ի սպաս դնեն հայոց պետականութեան ամրապնդումին ու անվտանգութեան ապահովումին, ինչպէս նաեւ` հայապահպանութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան տարածումին:
Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց հայր Անդրանիկին յիշատակը. ան նշեց, որ վարդապետին ներկայութիւնը ունէր ազնուացնող, զարգացնող, հայացնող, քաջալերող եւ աշխատանքի մղող ազդեցութիւն` բոլորին մէջ: Ապա նախագահը յայտնեց, որ Հայկազեանի առաքելութեան մաս կը կազմէ յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը, քանի որ հայագիտութիւնը իսկապէս գիտութիւն է, իսկ գիտութիւնը` «Ընդհանրապէս հայու զարգացման նպաստող վարք է»: Ան յիշեցուց, որ` «Համալսարաններ եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններ առանց ուսումնասիրութեանց եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու չեն կրնար իրենց օրերու համապատասխան մտածողութիւն կամ ուսումնական ծրագիր եւ գիտութիւն գոյացնել»: Այս պարունակին մէջ վերապատուելին կարեւորեց «Հանդէս»-ը յատկապէս իբրեւ հասցէն այն հայագէտներուն, որոնք արեւմտահայերէնով աշխատասիրութիւններ կը կատարեն: Հուսկ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց «Հանդէս»-ի խմբագրական կազմին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն:
Շնորհանդէսը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով:
Հարկ է նշել, որ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը արդէն ունի իր միջազգային արժեչափերու համապատասխանութեան շարաթիւը (ISSN):