ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հաշուի առնելով, որ Հայաստան պետական կառավարման կիսանախագահական համակարգէն պիտի անցնի խորհրդարանական համակարգի, ապա օրէնքով պէտք է կարգաւորուի նաեւ երկիրի գերագոյն հրամանատարի լիազօրութիւններու հարցը:
Խորհրդարանը արդէն ձեռնարկած է «Պաշտպանութեան մասին» նոր օրէնքի նախագիծի քննարկման: Ապրիլ 2018-էն ետք Հայաստանի գերագոյն հրամանատար պիտի դառնայ վարչապետը, սակայն պատերազմ յայտարարելու կամ խաղաղութիւն հաստատելու մասին որոշումը կայացնելու իրաւունքը Ազգային ժողովին կը վերապահուի՝ կառավարութեան առաջարկութեամբ:
Օրինագծին համաձայն՝ եթէ Ազգային ժողովը նիստ չկարենայ գումարել, ապա միայն այդ պարագային պատերազմ յայտարարելու հարցը կրնայ որոշել վարչապետը:
Նոր օրինագիծով, կառավարութեան վերապահուած է ռազմական դրութիւն յայտարարելու, ընդհանուր զօրահաւաք իրականացնելու, զինուած ուժերու կիրառման ծրագիրը գործողութեան մէջ դնելու եւ Ազգային ժողովին պատերազմ յայտարարելու կամ խաղաղութիւն հաստատելու մասին առաջարկ ներկայացնելու իրաւունքը:
«Պաշտպանութեան մասին» օրէնքի նախագիծով՝ զինուած ուժերը պիտի գտնուին կառավարութեան ենթակայութեան տակ: Զինուժի ղեկավարումը թէեւ պիտի իրականացնէ պաշտպանութեան նախարարը, սակայն անմիջական հրամանատարը զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը պիտի ըլլայ: