ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի իշխանութիւնները, իբրեւ պատասխան Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին՝ փակած են հիւսիսային Իրաքի հետ սահմանը:
«Նկատի առնելով Իրաքի հիւսիսը տեղի ունեցող զարգացումները՝ Իրան փակած է Պաշմաղ սահմանային դարպասը», հաղորդած է իրանեան «Թասնիմ» կայքը:
Յիշեցնենք, որ 25 Սեպտեմբերին, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93 առ հարիւրը «Այո՛» քուէարկած էր անկախութեան: Իրաքի կառավարութիւնը, սակայն, հանրաքուէն հակասահմանադրական նկատած էր: Իրաքի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած էին, որ հանրաքուէի արդիւնքին վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի չկատարեն Քրտական մարզի կառավարութեան հետ:
Հանրաքուէի կայացման դէմ արտայայտուեցան նաեւ Թուրքիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ ՄԱԿ-ը: