ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Սոմալիոյ մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու պայթումներու զոհերուն թիւը անցաւ 320-ը, երբ քանի մը վիրաւորներ մահացան Երկուշաբթի օր։ Նոյն պայթումներուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած էին աւելի քան 200 ուրիշներ:
Մոկատիշուի հարաւային շրջանին մէջ նախ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած էր, ապա առատ հրացանաձգութիւն արձանագրուած եւ մայրաքաղաքի այլ շրջանի մը մէջ առնուազն այլ պայթում մը արձանագրուած էր:
Առաջին պայթումին թիրախը կառավարական գրասենեակներու, պանդոկներու եւ ճաշարաններու մօտ գտնուող խճողուած թաղ մըն էր:
Միջազգային դատապարտումի արժանացած այս յարձակումին պատասխանատու կը նկատուի իսլամ ծայրայեղականներու «Շապապ» կազմակերպութիւնը։