Ծանրամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ.) դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:
Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցեցան 85 քկ. ծանրութեան կարգի ծանրորդներ: Կարապետեան պոկում վարժութեան մէջ վեր պահեց 170 քկ. եւ դարձաւ փոքր ոսկէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ ան բարձրացուց միայն 190 քկ. եւ նուաճեց փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 360 քկ. արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան: