ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, «Էյ.Փի.».- Քալիֆորնիոյ ապահովագրական հարցերու յանձնակատար Տէյվ Ճոնզ յայտարարեց, որ նահանգի հիւսիսային շրջաններուն մէջ 9 Հոկտեմբերին սկսած հրդեհները առնուազն 1.05 միլիառ տոլարի վնաս հասցուցած են ապահովագրուած կառոյցներու։ Այս գումարին հասնելու համար նկատի առնուած են 8 մեծագոյն ապահովագրական ընկերութիւններու տուեալները եւ չեն ներառներ ոչ-ապահովագրուած կալուածները։
Հրդեհները ամբողջովին ոչնչացուցած են մօտաւորապէս 7000 բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ:
Նաեւ, հրդեհներուն զոհ գացած է առնուազն 42 հոգի, որոնցմէ 22-ը՝ Սոնոմա շրջանին մէջ: Տեղական իշխանութիւնները մտահոգութիւն ունին, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ տասնեակներով քաղաքացիներ անյայտ կը մնան տակաւին։