Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նորընտիր նախագահ Սթելլա Գիրիակիտեսին:
Կարճատեւ հանդիպման ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորած է Սթելլա Գիրիակիտեսը ԵԽԽՎ նախագահի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ ԵԽԽՎ նորընտիր նախագահին հետ քննարկած է Եւրոխորհրդարանին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Աւելցնենք, որ 10 հոկտեմբերին ԵԽԽՎ պատուիրակները ձայներու մեծամասնութեամբ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սթելլա Գիրիակիտեսը ընտրած են Վեհաժողովի նախագահ: