22 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, խախտելով վերջերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ-Մատաղիս) ուղղութեամբ կիրառած են հրետանային զինատեսակներ՝ հայկական դիրքերուն վրայ արձակելով ականանետի 5 արկ եւ «Սփայք» տեսակի մէկ հակահրասայլային հրթիռ:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
«Կատարուածը կը փաստէ, որ, ինչպէս միշտ, Պաքուն ոչ միայն հակուած չէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը նպատակաուղղելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ չարդարացուած կորուստներու բացառման, այլ հակառակը՝ կանխամտածուած սադրանքներու միջոցով կ՛երթայ կացութեան ապակայունացման:
Հաշուի առնելով միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած գործընթացներու արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի զինուած ուժերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ: Սակայն ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ դէպքերը նման տրամաբանութեամբ զարգանալու պարագային, հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները անպատասխան պիտի մնան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը զգուշացնէ, որ սադրանքները շարունակելու պարագային՝ պատասխանը անհամարժէք եւ բաւական ցաւոտ պիտի ըլլան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: