ԵՐԵՒԱՆ, «168 ժամ».- 2018ի առաջին կիսամեակին օդանաւով Հայաստան ժամանողներուն թիւը առաւել մեծ է քան՝ մեկնողներունը: «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններէն Հայաստան ժամանած են 614,178 անջեր, նոյն ժամանակ Հայաստանէն մեկնած են 592,774 անձեր: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան ժամանողներուն թիւը առաջին կիսամեակին աճած է 70,946ով կամ 13.1 տոկոսով: Իսկ Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը աճած է 41,999 անձով կամ 7.6 տոկոսով:
Ժամանողներու աճին շնորհիւ Հայաստան ժամանողներուն թիւը 21.4 հազարով գերազանցած է մեկնողներու թիւը:
Կարիներէ ի վեր, առաջին անգամն է, որ կիսամեակի դրութեամբ դրական հաշուեկշիռ կ՛արձանագրուի: