ՊԱՔՈՒ.- 15-էն 19 Ապրիլի մինչեւ , Երեւանի մէջ պիտի կայանայ սուսերամարտի՝ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ մրցումներուն մասնակցին մօտաւորապէս 30 երկիրներէ աւելի քան 500 մարզիկներ, սակայն Պաքուի իշխանութիւնները որոշած են ատրպէյճանցի մարզիկները չուղարկել Երեւան։
Ատրպէյճանի սուսերամարտի դաշնակցութիւնը այս մասին յայտարարած է միայն, թէ «տուեալ մրցումները մեր ծրագիրներուն մէջ չեն», իսկ լուրը հաղորդող ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը իր կողմէ աւելցուցած է. «Պատճառները պա՛րզ են»: