ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 19 Մայիսի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական 40-ամեայ գործունէութեան գնահատանքին նուիրուած ձեռնարկ մը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 175 համակիրներու։
Երեկոն սկսաւ «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ եւ ձեռնարկի հանդիսավարի պարտականութիւնը ստանձնած տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի բարի գալուտի խօսքերով։ Ան նաեւ դրուատեց Սաթամեանի երկարամեայ սպասարկութիւնները՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Արեւմտեան թեմին անունով շնորհաւորական խօսք արտասանեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, որմէ ետք մեծարեալը եւ անոր մօտիկ բարեկամները՝ Պերճ Տէր Սահակեան, Հայկ Մսըրլեան եւ Տիգրան Քէիզեան, հանրային զրոյց մը ունեցան՝ վերյիշելով թատրոնի անցեալէն հաճելի իրադարձութիւններ, լիաթոք ծիծաղի պահեր ստեղծելով։ Տէր Սահակեան նաեւ ներկայացուց Սաթամեանի հակիրճ կենսագրականը։
Փակման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ Սինան Սինանեան, որմէ ետք մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։
Նշենք, որ թատերական իր հարուստ գործունէութեան կողքին, Գրիգոր Սաթամեան 27 անգլերէն թատրերգութիւններ թարգմանած է հայերէնի, ինչպէս նաեւ 4 վէպեր վերածած է թատերական գործերու։