ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, իր նստավայրին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը եւ գոյութիւն ունեցող հարցերը հանգուցալուծելու ուղիները՝ այդ ծիրին մէջ շեշտելով երկրի կայունութիւնն ու հանդուրժողականութեան մթնոլորտի պահպանման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց անցեալ օրերու բանակցային գործընթացը եւ շեշտեց, որ իրավիճակի հանգուցալուծման եւ հարցերու լուծման միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է: