Հայաստանի Ազգային ժողովը առաջին քուէարկութեամբ չընդունեց Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու թղթածրարը:
Հայաստանի սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին «Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնք» նախագիծերու թղթածրարին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան թեր քուէարկեցին 56, դէմ՝ 3 պատգամաւորներ: Օրինագիծերու թղթածրարը հաստատելու համար անհրաժեշտ էր 63 պատգամաւորներու հաւանութիւնը: