ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Բերայի թանգարանին մէջ բացուած է աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովին նուիրուած ընդարձակ ցուցահանդէսը։ Այս առիթով, Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ, արուեստագէտին նկարով եւ «Փարաճանով. Սարգիսի Հետ» գրութեամբ զետեղուած է գովազդի մեծ ցուցապաստառ մը, որ զբօսաշրջիկներուն եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կը տեղեկացնէ ցուցահանդէսին մասին։
Յիշեցնենք որ ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են արուեստագէտին զանազան ստեղծագործութիւնները՝ նկարներ, քոլաժներ, զարդանախշեր, շարժապատկերներու դրուագներու գծանկարներ, բեմական հագուստի նմոյշներ, խճանկարներ, լուսանկարներ, եւ այլն։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 7 Մարտ։