Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Սովորական տարի մը չեղաւ 2018 թուականը առհասարակ Լիբանանի հայութեան համար: Իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի, հայ մարդը ցմրուր ապրեցաւ լիբանանեան բեմը յուզող տարաբնոյթ խնդիրները` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, կրթական թէ կենցաղային մակարդակներու վրայ: Անցեալէն եկած խնդիրներուն վրայ կուտակուեցան նոր հարցեր, որոնք, հակառակ աւելի կանուխ երկրի ղեկավարի փոփոխութեան եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ո՛չ միայն չկրցան ստեղծուած յոյսերը իրականացնել, այլ յաւելեալ տագնապներու յառաջացումով քաղաքացիի եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը աւելիով խորացուցին, յուսախաբութենէ յուսահատութիւն անցումային գիծը հատեցին, պետութեան եւ պետական հաստատութեանց նկատմամբ հաւատքը քանդումի ընթացքի մէջ դրին, յատկապէս երիտասարդութիւնը արտագաղթի առաջնորդեցին, ընտանիքներ բաժնեցին, առեւտրական հաստատութիւններ թէ գործարաններ փակեցին, անգործութեան համեմատութիւնը մեծապէս բարձրացուցին: Մէկ խօսքով` հակառակ քաղաքական թէ պետական պատասխանատուներու խոստումներուն, լիբանանցի քաղաքացիին համար ընդհանրապէս, եւ անոր հետ մէկտեղ լիբանանցի հայուն համար անցնող տարին եղաւ տագնապալի, բայց եւ այնպէս ինք ոչ մէկ յանցանք ու բաժին ունի այդ տագնապին ստեղծման եւ կացութեան բարդացման մէջ, ընդհակառակն` ինք մասնակից չէ երկրի աւարի բաժանման գործընթացին, փտածութիւնը կը մերժէ` բանիւ եւ գործով, ո՛չ ապահովական խախտումներ կը կատարէ, եւ ո՛չ ալ երկրի գոյատեւման եւ պետութեան գերիշխանութեան վտանգ կը ներկայացնէ, այլ իր անցեալով, փորձառութեամբ, ինքնուրոյն կեցուածքներով, անկախ քաղաքական մտածելակերպով, արտաքին ուժերու միջամտութիւնն ու ենթարկուածութիւնը մերժելով, լիբանանահայ քաղաքացին մնաց տիպար եւ միաժամանակ հպարտ ու հաւատարիմ քաղաքացի:
Ներհայկական մակարդակի վրայ, անցնող տարեշրջանը ընդհանուր իմաստով կարելի է աշխուժութեամբ յատկանշել: Մանրամասն անցուդարձերը այլ տեղ տեսնելու յոյսով, 2018-ի աշխուժ կեանքը 2019-ին աւելի խորքային, բովանդակալից, թիրախաւորուած ու նպատակային, հայութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ եւ նոր հորիզոններու պատրաստ տեսնելու, նուաճումներ արձանագրելու, աւելի հայատրոփ ու հայադրոշմ դարձնելու, եսակեդրոն թուլութենէ հաւաքական, գործի հասնելու եւ ծաւալելու, ցուցամոլութենէ, ցուցադրականութենէ ու քարոզչութենէ անդին լուրջ գործ կատարելու նախանձախնդրութեամբ մենք այսօր կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան` նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, նոր ակնկալութիւններով, նոր սպասումներով եւ մշտանորոգ յոյսերով:
Նախ եւ առաջ, Լիբանանի հայութիւնը իր ներքին կեանքի վերարժեւորման, բարելաւման, զարգացման ու բռնցքաւորման համար կարիքը ունի աշխուժ եւ մանաւանդ գիտակից քննադատութեան: Առանց քննադատութեան, ամէնէն յաջող, ամէնէն արդիւնաւէտ գործն ալ դատապարտուած է նահանջի, իսկ ամէնէն պայծառ նուաճումը` ժամանակի գլանին: Առողջ, աշխուժ եւ գիտակից քննադատութիւնը, անհատականէն վեր ընդհանրական երեւոյթներու քննարկումը, սխալներու մատնանշումը, բացթողումներու բացայայտումը, պատասխանատուութեանց ճշդումը կը նպաստեն մեր առօրեայի բարելաւման: Մեր ազգային կեանքի բոլոր մարզերն ալ հինէն եկած սովորութիւններով, աշխատելաձեւով ու թիրախներով աւելի կամ նուազ չափով շնորհակալ գործ կը կատարեն, նոյնիսկ երբեմն նախանձը գրգռելով ոչ հայկական շրջանակներու: Այս գործով բաւարարուիլը սակայն, յատկապէս արագասոյր ընթացքով ներկայ կեանքին ու անոր կրած փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, մեզ կը զրկէ քայլ պահելէ առօրեային, բայց մանաւանդ շատ արագ եկող ապագային հետ:
Շնորհակալ գործ կը կատարեն մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր միաւորները, անոնց պատասխանատուներն ու անդամները, որոնքկու տան իրենց հոգին, ժամանակը, նիւթականը, երբեմն ալ` սեփական առողջութիւնը:
Բայց միշտ ալ եղած են բացթողումներ, սրբագրելի երեւոյթներ, նոյնիսկ անընդունելի սխալներ:
Լիբանանի հայութիւնը, մեր ժողովուրդի կեանքին ու մեր Դատի հետապնդման մէջ իւրայատուկ դերակատարութեամբ, իւրայատուկ պարտաւորութիւնը ունի նաեւ ինքնասրբագրման` բոլոր մարզերուն մէջ: Եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ կուսակցութիւններ, կրթական մարզ, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, բժշկական, մամուլ, քարոզչութիւն, հրատարակութիւններ, հանրային ձեռնարկներ, բոլորն ալ ոլորտներ են, որոնց գործունէութիւնը բնական պայմաններու մէջ իսկ վերաքննութեան, վերագնահատման ու վերաուղղուածութեան պարտին ենթարկուիլ: Այս պարտադրանքը աւելիով ճնշիչ կը դառնայ այսօր, երբ, յարաբերաբար անցեալին, կը նօսրանայ հայութիւնը, կը պակսին նիւթական աղբիւրները, կը բարձրանայ հայկականութենէ օտարում եւ օտարացում «արտագաղթը», օտարամուտ բարքերը, իսկ լիբանանեան «սովորութիւնները» կը հայկականանան:
Մեր դիմաց ցցուող խնդիրներու դիմակալումը կարելի չէ կատարել ընդհանուր հոսանքին հետ ըլլալու եւ սիրուելու ու հաճելի թուելու եսասիրութեամբ: Բոլոր մակարդակներուն վրայ, կրօնական, քաղաքական թէ հասարակական, պատասխանատուութիւնը սիրուելու եւ հաճելի թուելու արուեստը չէ, այլ հարցերը ճակատէն դիտելու, զանոնք տեսնելու, ելքեր որոնելու եւ անձնական օրինակով լուծումներ տալու արուեստն է:
Եւ այս իմաստով անհրաժեշտ է քննադատութիւնը, գիտակի՛ց քննադատութիւնը:
Քննադատութիւն, որ հիմնուած ըլլայ իրաւ ու ճիշդ տեղեկութեան վրայ, որ ըսի-ըսաւ ու բամբասանք չըլլայ, անձնական վիրաւորանք չըլլայ, այլ գործը բարելաւելու, ընդհանրական լաւը տեսնելու, աւելի լաւ վաղը կերտելու նպատակ ունենայ:
Երկրորդ, քննադատել կրնայ ա՛ն, որ մասնակից է ընդհանրական գործին: Այլ խօսքով` գիտէ, կը տեսնէ, կ՛ապրի տագնապը, բայց մանաւանդ դերակատար է տագնապները լուծելու աշխատանքին. հայկական իրականութենէն հեռու, հայութեան հետ իր կապը Ս. Ծննդեան հաղորդութեամբ, կղերականի մը կամ կուսակցական պաշտօնատարի մը ծանօթութեամբ սահմանափակող ու ատով գոհացող հայը, թէկուզ եւ իր սեփական կեանքով ու գործով յաջող մարդ, առանց մեր առօրեային տեղեակ ըլլալու, թերթ կարդալու, ձայնասփիւռ ունկնդրելու, մեր իրականութեան ծանօթ ըլլալու, չի կրնար, իրաւունք չունի՛ մեր կեանքը քննադատելու… Եւ դեռ, իր սեփական գործը կամ քմահաճոյքը գոհացում ստացած չըլլալով, քահանայէն կամ միութեան մը պատասխանատուէն, եւ կամ օր մը հայկական դպրոցի ուսուցիչէն նեղացած մարդը` քէնցած ու մէկ կողմ նստած, չի կրնար ճանչնալ իրականութիւնը միայն մէկ փորձառութեամբ, ու իբրեւ այդպիսին ո՛չ միայն տիրական ու վճռական կարծիքներ արտայայտել, այլ նաեւ մերժել այլակարծութիւնը եւ տարիներու փորձառութեամբ տրուած կարծիքները:
Ընդհանրական գործին մասնակից ըլլալը նախապայման է քննադատութեան, փոփոխութիւն յառաջացնելու, ի հարկին` յեղաշրջման:
Ու նոյն մեկնակէտով կարելի է դիտել երիտասարդականացման կամ կիներու իրաւունքներուն խնդիրը: Կարելի չէ մեր կեանքը երիտասարդացնել ու կիները պատասխանատուութեան դիրքերու վրայ տեսնել, երբ առօրեայ կեանքին մէջ անոնք բացակայ են, արդար կամ անարդար պատճառներով, եւ կամ անտեղի պատրուակներով: Բազմազբաղութիւնը, համալսարանական ուսումը, ընտանիքն ու զաւակները, խճողումը, տան հեռաւորութիւնը հարցեր են, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են ու գոյութիւն պիտի ունենան: Մինչեւ այսօր մեր ազգային-հասարակական կեանքը ստանձնած այրեր ու կիներ երիտասարդ եղած են օրին, համալսարան յաճախած են, բազմազբաղ եղած են, խճողումի մէջ գտնուած են, ընտանիք ու զաւակ ունեցած են, բայց նուիրումով մասնակից դարձած են մեր կեանքին, քննադատած են երեւոյթներ, բայց իրենց գործով ու մասնակցութեամբ փորձած են ու յաճախ յաջողած որակական փոփոխութիւններ բերել:
Երրորդ, քննադատութիւնն ու հաւաքական գործին մասնակցութիւնը այսօրուան հրամայականներն են:
Մեր գաղութը աւելի քան երբեք հաւաքական գործի կարիքը ունի այսօր. հայկականութենէ հեռացումը, հայ մարդու տիպարի աղաւաղումը, օտարացումը, հայ եկեղեցիէն հեռացումը, հայկական արժէքներու ոտնակոխումը համահայկական հարցեր են Լիբանանի մէջ: Առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական, դաշնակցական, ռամկավար ու հնչակեան հայը, համայնավարը, միութենականն ու ոչ միութենականը, երիտասարդն ու տարեցը, ուսանողն ու անուսը, կինն ու այրը, միասեռականն ու սեռափոխուածը, համայնքային այս երկրին մէջ, մեր համայնքէն հեռացող հայախօսն ու արաբախօսը, հայկական թէ ոչ հայկական կուսակցութեան անդամը, բոլորս ալ անխտիր պարտաւոր ենք հաւաքական ճիգով վերարժեւորելու մեր իրականութիւնը, յաւելեալ մղում տալու կատարուող աշխատանքին, նոր կարիքներու դիմաց նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու, մեր աւազանէն դուրս գտնուողները մօտեցնելու ու վերածուելու մէկ բռունցքի, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՌՈՒՆՑՔ-ի, հայը հայ պահելու ու հայութեամբ շնչելու հոգիի:
2019-ը գիտակից քննադատութեամբ, գործօն մասնակցութեամբ, հաւաքական ճիգի տարի պէ՛տք է ըլլայ: