ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սոչիի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի միջեւ գումարուած վեհաժողովէն ետք լուրջ ջանքեր կը թափուին թուրք-սուրիական երկխօսութեան ընթացք տալու համար:
Իրանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ՝ օժանդակելու Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու համար: