ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ատրպէյճանի մէջ, 1-էն 3 Մայիս տեղի պիտի ունենան Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր, որոնք պիտի կրեն Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի անունը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ 22 Ապրիլին տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ զօրավարժութեանց մասնակցելու համար թուրք զինուորները արդէն ժամանած են Ատրպէյճան:
Ռազմափորձերուն նպատակն է փորձառութեանց փոխանակման միջոցով ամրապնդել երկու երկիրներուն զինուած ուժերուն համագործակցութիւնը եւ բարելաւել համատեղ գործողութիւններու համակարգումը:
Զօրավարժութեանց պիտի մասնակցին զրահամեքենաներ, հրետանիներ, հրանօթներ, ռազմական ուղղաթիռներ եւ օդանաւեր, ինչպէս նաեւ հակաօդային հրթիռային համակարգեր: