«Ասպարէզ»- Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու Պատուոյ նախագահութիւնը վայելող ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերը սկիզբ պիտի առնեն Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, գլխաւորաբար ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի եւ Վեն Նայսի Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ:
Հայկական մեր իրականութեան մէջ ամենաբազմամարդ մասնակցութիւնը ունեցող այս նախաձեռնութիւնը շրջանի հայութեան անվերապահ զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը կը վայելէ եւ անձկութեամբ կը սպասուի ամէն տարի: Այս մարզախաղերով պատմական հպարտալի էջ մը կը բացուի ոչ միայն ՀՄԸՄի, այլ նաեւ սփիւռքեան մեր պատմութեան մէջ:
Ահա՛ ազգանպստ աշխատանք մը, որ մեր երիտասարդութեան հայապահպանման կարեւոր գրաւականներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանան մարզական մրցումները, որոնք կ՛ընդգրկեն ֆութպոլի, վոլիպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, լողի, թեթեւ աթլէթի, թենիսի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը: Այս մրցումներուն կը մասնակցին շրջանի ՀՄԸՄ-ի 17 մասնաճիւղերու եւ երկու միաւորներու առաւել քան չորս հազար մարզիկ-մարզիկուհիներ:
Ուրախալի երեւոյթ է, որ երկրորդ տարին ըլլալով, Նաւասարդեան մարզախաղերուն պիտի մասնակցի ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» միաւորը, որ կ՛ընդգրկէ շրջանէն յատուկ կարիքներ ունեցող հայ պատանիներ, որպէսզի անոնք լաւատեսութեամբ մօտենան կեանքին եւ դառնան հանրութեան լիիրաւ անդամ:
Նաւասարդեանի մարզական մրցումները կը կազմակերպուին Շրջանային Մարզական խորհուրդներուն կողմէ, որոնց անդամ-անդամուհիները կամաւոր նուիրումով անսահման ժամեր կը տրամադրեն՝ լաւապէս կազմակերպելու համար զանոնք: Այս տարի, Շրջանային Մարզական խորհուրդի անդամ նշանակուած են հետեւեալ փորձառու քոյր-եղբայրները. Գուինթ Չեմնիթս, Սարգիս Գատէհճեան, Հրաչ Արզումանեան, Արշակ Մարգարեան, Կասիա Մահսէրէճեան, Սանան Մահսէրէճեան, Նորա Ունճեան, Ժանէթ Փանոսեան, Ալին Աբոշեան, Լարա Թոմաս, Հենրի Մարդխանեան, Ռուբինա Գապիրեան եւ Արա Գազանճեան։
Յանձնախումբին մօտ Շրջանային վարչութեան կապն է Անիթա Տէրտէրեան, որ մարզական մեծ փորձառութիւն ունի եւ երկար տարիներ եղած է պասքեթպոլի մարզիկ: Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն մարզական աշխատանքներուն օգտակար կը հանդիսանան գործավարներ Սագօ Մինոյեան եւ Ֆրետ Պապաճանեան:
Յանձնախումբը երկար ամիսներէ ի վեր նախապատրաստական լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքով արդէն իսկ աւարտած է մարզական թեւի կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները: Բնական է, մարզախաղերը ունին իրենց օրէնքները, որոնց գործադրութեան մօտէն կը հետեւի եւ ծագած հարցերուն տեղւոյն վրայ արդար լուծումներ կու տայ նշանակուած Դատական յանձնախումբը:
Ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի եւ յատկապէս Նաւասարդեան մրցումներուն ընթացքին, օրէնքն ու կարգապահութիւնը իրագործելու, ինչպէս նաեւ մարզական նորութիւններուն ծանօթանալու համար, Շրջանային Մարզական խորհուրդը պարբերաբար կը կազմակերպէ սեմինարներ, որոնց մասնակցութիւնը պարտադիր է ՀՄԸՄի բոլոր խումբերու մարզիչներուն համար:
Աշխատանիստեր կը կազմակերպուին նաեւ մրցումներու կէտերը արձանագրողներուն
(scorekeeper) համար: Իսկ մրցումներու արհեստավարժ իրաւարարներու ընտրութիւնները կը կատարուին համապատասխան ընկերութիւններու կողմէ, որպէսզի անոնք խստապահանջութեամբ ղեկավարեն մրցումները եւ օրէնքը խախտող ու անվայել կեցուածք ցուցաբերող մարզիկները առանց վարանումի պատիժի ենթարկեն:
«Վերջապէս, պէտք է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուող մարզական մրցումները, որոնց կարգին նաեւ Նաւասարդեան մարզախաղերը լոկ մրցումներ չեն: Անոնք ունին նաեւ դաստիարակչական բնոյթ եւ կը ձգտին մեր երիտասարդութեան մաքուր, ապահով եւ առողջ միջավայր մը ապահովել: Այս իմաստով, ՀՄԸՄ-ը նիւթական եւ բարոյական մեծ ջանք կը թափէ, շնորհիւ իր ղեկավարութեան, նուիրատուներուն եւ շրջանի հայկական համայնքի անսակարկ հաւատքին ու քաջալերանքին», մրցումներուն առիթով, ինքնավստահութեամբ արտայայտուեցաւ Շրջանային վարչութան Մարզական պատասխանատու Անիթա Տէրտէրեան:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն ամենալայն ժողովրդականութիւն վայելող մարզաճիւղը պասքեթպոլն է, որուն զտումի մրցումները պիտի սկսին Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 8-ին, ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնի (3347 N San Fernando Rd, Los Angeles, CA 90065) եւ Վեն Նայսի Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի (17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406) պասքեթպոլի մարզադաշտերուն վրայ եւ պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ:
Այս տարուան Նաւասարդեանի միայն պասքեթպոլի բոլոր դասակարգերուն կը մասնակցին 215 երկսեռ խումբեր (161 մանչերու եւ 54 աղջիկներու) հետեւեալ մասնաճիւղերէն.
ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, 13 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ, 10 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ, 10 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ, 4 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ, 24 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ, 64 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ, 3 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ, 43 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղ, 1 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղ, 1 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ, 31 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ, 8 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ, 1 խումբ
ՀՄԸՄ-ի Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղ, 2 խումբ
Նաւասարդեան Մարզախաղերը կը շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի եւ այլ մարզադաշտերու վրայ: Անկասկած, մրցող երիտասարդները գաղութի քաջալերանքին կը սպասեն:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար՝ կարելի է դիմել [email protected] համացանցի հասցէին կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ (323) 344-4300 թիւով:
(ԱՐԵՆՈՒՇ)