ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները կը մասնակցին 16 տարեկանէն փոքրերու Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Ախոյեանութեան կը մասնակցին 32 խումբեր որոնք բաժնուած են ութ խմբակներու: Իրաքանչիւր խմբակի մէջ ընդգրկուած է չորս խումբ: ՀԵԸ Անդրանիկի խմբակին մաս կը կազմեն Ռիատին, Պրէյները եւ Սաժեսը: Մեր աղջիկները Պրէյնըրին եւ Սաժեսին յաղթելէ ետք, երրորդ մրցումին, Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին մէջ՝ 72- 49 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Ռիատին եւ գլխաւորեցինն իրենց խմբակը:
ՀԵԸ Անդրանիկ 16 տարեկան փոքրերու խումբին մարզիչն է Յարութ Գուզուճեանը, իսկ վարչական պատասխանատուն Նայիրի Հայրապետեանը: