ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Յունիսին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Արշաւիր Ղարամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ զերծ մնալով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչի պաշտօնէն։ Լուրը կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակը։