ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, 14-27 Յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլիստներու ազգային հաւաքականներու ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն է: Մխիթարեան մրցաշարքի սեմին գրած է. «Շատ հպարտ եմ, որ այդ հանգամանքը վստահուեցաւ ինծի»: