Ռուսական Սու-30ՍՄ կործանիչները Հայաստան պիտի հասնին մինչեւ 2020-ի սկիզբը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին 22 Յուլիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
«Ըստ պայմանագրային պարտաւորութիւններու՝ մենք կ՛ակնկալենք արտադրողներու պարտաւորութիւններու իրականացումը այս տարուան վերջաւորութեան կամ յաջորդ տարուան սկիզբը», ըսաւ Տօնոյեան:
Բանակին մէջ սպառազինութեան այլ համալրումներուն մասին նախարարը մանրամասնութիւններ չտուաւ, այլ միայն յայտնեց, որ ռազմական անակնկալներ կը սպասուին: