Բարձրագոյն դատական խորհուրդը նախանցեալ օր բաւարարեց Ընդհանուր դատախազութեան միջնորդութիւնը՝ քրէական գործ յարուցած նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննող Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նկատմամբ եւ ըստ այնմ ժամանակաւորապէս կասեցուցած անոր լիազօրութիւնները՝ իբրեւ դատաւոր:
Ընդհանուր դատախազութիւնը վերջերս յայտարարած էր, թէ դատաւոր Գրիգորեանի աշխատասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութիւնը եւ առգրաւումը հետապնդած են «բացառապէս մէկ իրաւաչափ նպատակ՝ գործով ձեռք բերել պաշտօնէական կեղծիք կատարուած ըլլալու հանգամանքը հաստատող կամ հերքող փաստական տուեալներ»:
Իրաւապահ մարմինը կտրականապէս հերքած էր, թէ Գրիգորեանի նկատմամբ ուշադրութիւնը կապ ունի Ռոպերթ Քոչարեանի գործին հետ՝ պնդելով, որ պաշտօնական կեղծիք կատարելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործով յայտնաբերման ենթակայ հանգամանքներու վերաբերեալ քաղաքացի մը հաղորդում ներկայացուցած է այս տարուան Փետրուարին:
Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորագիրով ազատ արձակած էր Ռոպերթ Քոչարեանը, ապա գործի վարոյթը ընդհանրապէս կասեցնելով՝ ուղարկած Սահմանադրական դատարան: