ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընթացիկ տարուան Յուլիսին, Հայաստանի օդակայաններուն մէջ ընդհանուր ուղեւորահոսքը կազմեց 371.883 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 16,7 տոկոսով:
«Արմենիա» միջազգային օդակայանէն յայտնեցին, որ 2019-ի Յուլիսին, 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց»ի մէջ, ուղեւորահոսքը աւելցաւ 18,7 տոկոսով: Եթէ 2018-ի Յուլիսին օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած էր 300.674 ուղեւոր, ապա 2019-ի Յուլիսին՝ 356.934 ճամբորդ:
2019 թուականի Յուլիսին, Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ, ուղեւորահոսքը կազմեց 14.949 մարդ: 2018 թուականին նոյն ամսուան 17.898 ուղեւորահոսքին համեմատ նուազումը հանդիսացաւ 16,5 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը կազմեց 1.692.494 մարդ, որ 11 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան 6 ամիսներէն։
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ, 2019 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 7,7 տոկոսով աւելցան թռիչքն ու վայրէջքները: