ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար, Մովսէս Յակոբեան՝ խօսելով Մարտ 2008-ի դէպքերուն ատեն Արցախէն Հայաստան զօրք բերելու հանգամանքին մասին՝ ըսաւ. «Ես զինուորական եմ եւ հրաման եմ կատարել»։
Զօր. Սամուէլ Կարապետեանի հրապարակուած հարցաքննութենէն յայտնի դարձաւ, որ 23 Փետրուար 2008-ին Արցախի տարբեր ստորաբաժանումներէ Հայաստան բերուած են նախ 300, այնուհետեւ յաւելեալ 400 զինուոր: Նոյն հարցաքննութեան մէջ զօր. Կարապետեան նշած է, որ այդ ժամանակաշրջանին հայկական կողմը Արցախի մէջ կորսնցուցած է դիրքեր, զորս հետագային վերականգնած է։
Հարցաքննութեան հրապարակումէն ետք հնչեցին հարցադրումներ, թէ ինչո՛ւ Արցախի սահմանը թուլցնելու հաշուոյն հոնկէ զինուոր բերուած է Հայաստան։
Այդ օրերուն Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ներկայիս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատար Մովսէս Յակոբեան դիտել տուաւ, թէ նախ պէտք է հասկնալ ինչո՛ւ հրապարակուած են նախաքննութեան գաղտնիք նկատուող նիւթերը։
Նոյն հարցաքննութեան մէջ Ս. Կարապետեան նշած էր, որ ինք հրահանգներ ստացած է հրամանատարութենէն, սակայն չի գիտեր, թէ ան ո՛ւր տեղակայուած էր այն ատեն։ Մովսէս Յակոբեան ըսաւ, որ ինք եւս տեղեկութիւններ չունի ընդհանուր հրամանատարութեան մասին: