ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրաճանաչ ամերիկահայ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգսեան) «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձաւ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին եւ անոր հօր սպանութեան, ու խօսքը ուղղելով Ամերիկայի նախագահին՝ գրեց. «Եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը վերադարձած է, դուք եւ Էրտողանը բերիք զանոնք: Դուք օգնեցիք Էրտողանին, որ քիւրտեր ջարդէ: Մարդիկ կը տառապին, կը սպաննուին, պարզապէս որովհետեւ ձեր «սիրելի Էրտողան»ը գոհ մնայ: «Իսլամական պետութիւն»ը սպաննեց հայ քահանան եւ անոր հայրը: Արդեօք Էրտողանը ձեզ դրամով, ուժով, թէ երկուքով միասին գնած է»: