ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի, Եւրոպայի քառակի ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ ազգային դեսպան:
ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամէն յայտնեցին, որ արդէն աւելի քան կէս դար է, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖի դեսպաններ ունի ամէնուրեք, եւ անոնք կ՛օգնեն երեխաներուն եւ կիներուն պաշտպանելու իրենց իրաւունքներն ու աւելի բարեկեցիկ կեանք ապրելու: Աջակցելով երեխաներուն վերաբերող խնդիրներու իրազեկման եւ միջոցներու հաւաքագրման՝ հանրաճանաչ անձնաւորութիւնները դիտել կու տան, որ առաջնահերթութիւն պէտք է տալ երեխաներուն:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը աշխատանք կը տանի, որպէսզի Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր երեխայ ըլլայ սիրուած, սնունդով եւ խնամքով ապահովուած: