ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, շարունակելով գեղեցիկ սովորութիւնը, Շաբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ, մեծ շուքով նշեց ՀՄԸՄի Օրը:
Իւրայատուկ այս ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պարգեւատրուեցան վաստակաշատ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներ, որոնք երկար տարիներ նուիրումով գործած են իրենց մասնաճիւղերէն եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄէն ներս:
Ցաւով կը մատնանշենք, թէ սրահի սեղաններէն մէկը պարապ էր, որ կը պատկանէր ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կողմէ պարգեւատրուող եղբայր Էմիլ Տէր Գէորգեանի հարազատներուն եւ իր անդամակցած մասնաճիւղի վարչութեան, որոնք դժբախտաբար կը բացակայէին, որպէսզի գտնուին իրենց պարգեւատրեալ եղբօր կողքին, որ ծանր հիւանդութեան պատճառով բժիշկներու խնամքին յանձնուած էր:
Մարիամ Յակոբեան ձեռնհասօրէն կատարեց ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը. բարի գալուստի քաղցր խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարելէ ետք, ան վարեց ձեռնարկի հարուստ յայտագիրը:
Կարեւոր այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելու եւ պարգեւատրեալ քոյր-եղբայրներուն իրենց յարգանքն ու շնորհաւորանքները փոխանցելու հեռանկարով, սրահ փութացած էին երկու հարիւր ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ, որոնց կարգին էին՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Արմանտ Գիլիճեան եւ Օշին Փիրումեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Կարօ Իսբէնճեան, Ռազմիկ Շիրինեան եւ Հրայր Կարապետեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու վարչութեան անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կը ներկայացնէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեւոյ հովիւներէն Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան:
Ձեռնարկի դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեց ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն կազմուած դրօշակակիրներու խումբը, գլ-խաւորութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանայինի խմբապետուհի Դալար Գալստեանի: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները գեղեցիկ իր ձայնով մեներգեց Իվանա Գրիգորեան, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Առաջնորդ հօր եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, որ սեղաններու օրհնութենէ ետք վեր առաւ ՀՄԸՄի կարեւոր դերը հայկական մեր իրականութեան մէջ, շնորհաւորեց պարգեւատրուող քոյր-եղբայրները եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄի ապագայ ազգանուէր գործունէութեան:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Սիւզի Օհանեան, որ առաջին հերթին խունկ ու աղօթք մատուցելով ՀՄԸՄը հիմնող նուիրեալներու անթառամ յիշատակին ընդգծեց՝ ըսելով. «Այո՛, հայ ժողովուրդի նուիրեալներու շնորհիւ հիմը դրուեցաւ ՀՄԸՄին, որ աւելի քան հարիւր տարիներ խրոխտ շարքերով, անկոտրում կամքով ու հաւատքով գործեց հայրենիքէն հեռու, սերունդներ դաստիարակեց, արմատաւորուեցաւ աշխարհի տարածքին, վերընձիւղուեցաւ հայրենիքին մէջ, համաշխարհային ճանաչում ստացաւ եւ այսօր իր 110 մասնաճիւղերով կը գործէ»:
Ապա, յիշեցնելով, որ ՀՄԸՄականին համար «ամէն օր ՀՄԸՄի օր է», վստահեցուց, թէ «ՀՄԸՄը դաստիարակելուն առընթեր, գիտէ նաեւ գնահատել այն բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք հաւատքով եւ առանց ակնկալումներու կը գործեն իրենց շարքերուն մէջ: Վկա՛յ այսօրուան պարգեւատրուող քոյր-եղբայրները, որոնք հաւատարիմ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին, ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ անշահախնդրութեամբ կը գործեն իրենց մասնաճիւղերէն ներս»:
Եզրակացնելով, Օհանեան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իրենց անշահախնդիր ծառայութան համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի «Արտակարգ Պատուանշան»ի յանձնումի արարողութիւնը: Կարեւոր այս պատուանշանը կը տրուի «հայ կամ օտար անձնաւորութեան մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուացած է ՀՄԸՄին»: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, ընդառաջելով շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան դիմումին, «Արտակարգ Պատուանշան»ով պարգեւատրեց Սթիւ Արթինեանը, ՀՄԸՄին մատուցած իր երկար տարիներու ծառայութեան համար: Պատուանշանը յանձնեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Արմանտ Գիլիճեան եւ Օշին Փիրումեան, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանին:
Սթիւ Արթինեան կարեւոր պատուանշանը ստանալէ ետք, յուզումնախառն զգացումներով սրտի իր խօսքը փոխանցեց: Առաջին հերթին ան շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, զինք այս պատիւին արժանացնելուն համար: Ապա, անդրադառնալով ՀՄԸՄի իր անդամակցութեան եւ քառասուն տարիներ անոր շարքերուն մէջ ծառայելու իրողութեան, յայտարարեց, թէ այս պարգեւատրումը կը նուիրէ իր դաստիարակները հանդիսացած Համլէթ Չրախչեանի, Սարգիս Արեւեանի եւ Յարութ Բարսեղեանի նման անձնաւորութիւններուն, որոնք քաջալերած եւ գործի մղած են զինք ու իր նմանները, դարձնելով զանոնք մնայուն անդամները հիանալի այս կազմակերպութեան:
Եղբայրը իր պարգեւատրումը ընդունեց նաեւ յանուն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն դէպի ՀՄԸՄ, սկաուտ ղեկավարներուն, որոնք մեր երեխաներուն հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն, մարզիչներուն, որոնք ղեկավար ըլլալ կը սորվեցնեն իրենց վստահուած մարզիկներուն, ՀՄԸՄական կամաւորներուն եւ մեր ղեկավարներուն, որոնք իսկական հերոսներն են այս ընդհանուր պատկերին: Ան յիշեց նաեւ իրեն համար կարեւոր անձնաւորութիւն ներկայացնող հանգուցեալ Ճորճ Ժամկոչեանը եւ վերջապէս եղբայրը իր պարգեւատրումը նուիրեց իրեն սիրելի բարեկամ Էմիլ Տէր Գէորգեանին, որ հասկնալի պատճառներով կը բացակայէր ձեռնարկէն:
«ՀՄԸՄը իսկական դպրոց մըն է, որ կը սորվեցնէ քեզ ըլլալ իսկական ղեկավար, կը սորվեցնէ քեզ ինչպէ՛ս ըլլալ իրապէս համեստ, կը սորվեցնէ քեզ առաջնորդել, հետեւիլ եւ երբեմն ալ մէկ կողմ քաշուիլ եւ ուրիշին առիթ տալ, որպէսզի հզօրանայ մեր կազմակերպութիւնը: Այս բոլորը ես սորվեցայ ՀՄԸՄէն, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ կեանքիս վրայ եւ փոխեց ամէն ինչ իմ մէջ», ըսաւ Արթինեան:
Մեծապէս պատիւ զգալով նման մակարդակի պարգեւատրման արժանանալուն առիթով, Արթինեան հպարտութեամբ ըսաւ, թէ այս պատուանշանը մշտական իր տեղը պիտի գրաւէ իր տան գրասենեակին մէջ: Եղբայրը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ յատուկ գնահատանք յայտնեց Յակոբ Թիւֆէնքճեանին եւ իր գլխաւորած մարմինի անդամներուն, որոնք ամէն ջանք կը թափեն բոլոր անդամները ներգրաւելու ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մէջ, յանուն իր հոգածութեան յանձնուած երեխաներու դաստիարակութեան:
Այս արարողութեան յաջորդեց ընթրիքի դադարը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի գործունէութիւնը արտացոլող տեսաժապաւէն մը, աւարտին ներկայացուեցան նաեւ տարուան ընթացքին մահացած ՀՄԸՄականներու նկարները:
Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց նորընտիր վարչութեան անդամ Արմանտ Գիլէճեան, որ ողջունելով ներկաները, իր հպարտանքը յայտնեց իբրեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու օրուան ձեռնարկին, իր ընկերներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ապա վստահեցնելով ՀՄԸՄի լաւ ձեռքերու մէջ ըլլալու իրողութիւնը, յիշեցուց, թէ ձեռնարկը ոչ միայն ՀՄԸՄի հիմնադրութեան տարեդարձի տօնախմբութիւն է, այլ նաեւ առիթ՝ պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն անձնաւորութիւններուն, որոնք նուիրումով գործած են այս կազմակերպութեան բարելաւման համար:
«Այս հինգերորդ տարին է, որ այս տօնախմբութիւնը կը կազմակերպուի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Համոզուած եմ, որ եթէ յաջորդ հարիւր տարիներուն եւս կազմակերպենք նման ձեռնարկներ, տակաւին չենք կրնար գնահատել այն բոլոր անհատները, որոնք արժանի են այս ճանաչման», ընդգծեց եղբայրը: Պարգեւատրեալներուն կողմէ ՀՄԸՄի վերելքին համար կատարած կամաւոր աշխատանքներուն անդրադառնալով, ՀՄԸՄը անոնց երկրորդ տունը կոչեց, շնորհաւորեց զանոնք եւ եզրակացուց՝ ըսելով. «Այս ձեռնարկին մասնակիցները ՀՄԸՄի բարելաւման համար կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել միութենական իրենց պարտականութիւնները: Կարեւոր է, որ այս սրահէն դուրս գտնուողները իմանան ձեր տարիներու զոհողութիւնները: Յոյսով եմ, որ մենք պիտի կարենանք ձեր այդ զոհողութիւնները ծանօթացնել հանրութեան, որպէսզի կարենանք ձեր քայլերուն հետեւող նոր ղեկավարներ ընդգրկել ՀՄԸՄէն ներս»:
Եղբօր խրախուսիչ պատգամէն ետք, տեղի ունեցաւ ձեռնարկին գլխաւոր առանցքը հանդիսացող, շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն շքանշանի յանձնման արարողութիւնը։ Շքանշանները յանձնեցին մասնաճիւղերու մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները: Շքանշաններ ստացողներն էին հետեւեալները.
Արամ Թոմաս՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Յովիկ Արիստակէսեան՝ ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
Առաքել Արիսեան՝ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղ
Սարգիս Կարապետեան՝ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Էմիլ Տէր Գէորգեան՝ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Յասմիկ Քէօշկէրեան՝ ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Յակոբ Սերոբեան՝ ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
Մարալ Կիւլտալեան՝ ՀՄԸՄի «Սեւան» մասնաճիւղ
Վազգէն Գալայճեան՝ ՀՄԸՄի «Արազ» մասնաճիւղ
Նայիրի Ստեփանեան՝ ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղ
Արամ Պէքարեան՝ ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
Ժարմին Մեհրաբի՝ ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
Աբրահամ Սարգիսեան՝ ՀՄԸՄի Ֆինիքսի մասնաճիւղ
Չարլզ Մենզիկեան՝ ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղ։
Ներկաները երկարաշունչ ողջոյններով գնահատեցին երեկոյի ընթացքին պարգեւատրուած բոլոր քոյր-եղբայրները:
Այնուհետեւ, հայկական տոհմիկ երգերով երեկոն խանդավառեց ՀՄԸՄական երգիչ Վարանդ Աւանէսեան, որ իր ստեղծած ուրախ մթնոլորտով պարի հանեց բոլոր ներկաները:
Գնահատանքի եզակի այս երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշերին: Ներկաները դժուարութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու, ՀՄԸՄական իրենց նուիրեալ գործունէութիւնը հաւատքով շարունակելու հաստատակամութեամբ:
Յ.Գ.- Այս յօդուածի պատրաստութեան ընթացքին ցաւով իմացանք, որ Էմիլ Տէր Գէորգեան, չկարենալով պայքարիլ անողոք իր հիւանդութեան դէմ, կեանքին հրաժեշտ տուաւ, մեծ վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ իր անդամակցած «Արարատ» մասնաճիւղին: Էմիլ Տէր Գէորգեանի մահով շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը կորսնցուց նուիրեալ ՀՄԸՄական մը, որուն բացակայութիւնը մեծապէս զգալի պիտի ըլլայ յատկապէս սկաուտական կեանքէն ներս: Հողը թեթեւ գայ հոգնած աճիւններուդ վրայ, սիրելի եղբայր:
ԱՐԵՆՈՅՇ