«Հայոց ցեղասպանութիւն թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը 16-17 ապրիլ 2020-ին կազմակերպած է «Պայքար հայկական Կիլիկիոյ համար. Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն յետոյ (1918-1921)» խորագիրով գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 16-17ապրիլ 2020-ին: Գիտաժողովը կը նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին:
Գիտաժողովին ներկայացուելիք զեկուցումները պէտք է վերաբերին (սակայն չսահմանափակուին) հետեւեալ թեմաներուն.
– Կիլիկիահայութիւնն Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին եւ պատերազմի ընթացքին,
– Կիլիկիոյ ժողովրդագրութիւնը, կիլիկիահայութեան թիւը Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ յետոյ,
– Դէպի Կիլիկիա հայերու հայրենադարձութեան գործընթացը 1918-1919 թուականներուն,
– Կիլիկիոյ կարգավիճակի շուրջ դիւանագիտական գործընթացները 1918-1921 թուականներուն (Վերսայի գագաթնաժողով, Հայ ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւն, հայ-ֆրանսական, թուրք-ֆրանսական բանակցութիւններ եւ այլն),
– Կիլիկիոյ մէջ հայերու ինքնակազմակերպումը. հայկական ինքնավարութիւն հաստատելու փորձը 1920 թուականին,
– Կիլիկիահայութեան ինքնապաշտպանական մարտերը (Մարաշ, Հաճըն, Այնթապ, Զէյթուն եւ այլն). Կիլիկիոյ մէջ Հայկական լեգէոնի գործունէութիւնը,
– Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական վարչութեան գործունէութիւնը. կիլիկիահայութիւն-ֆրանսական վարչութիւն փոխյարաբերութիւնները,
-Կիլիկիահայութեան ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կեանքը 1919-1921 թուականներուն:
Գիտաժողովը բաց է հետազօտողներու լայն շրջանակի համար:
Գիտաժողովի դիմումները պէտք է ներկայացնել մինչեւ 31 յունուար 2020: Ընտրուած մասնակիցներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը կը հրապարակուի 2020 փետրուարի սկիզբը: Ներկայացուող դիմումները պէտք է ընդգրկեն ամփոփում` 200-250 բառ, եւ հեղինակի համառօտ գիտական ինքնակենսագրութիւնը (CV):
Դիմումները պէտք է ուղարկուին կազմակերպչական յանձնաժողովին հետեւեալ ել. հասցէով` [email protected]:
Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը եւ անգլերէնը:
Գիտաժողովը առանց մասնակցութեան վճարի է: