Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր կացութիւնը նկատի ունենալով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ համախորհուրդ, ԱՖՀԻԼ-ի իրարօգնութեան սնտուկը որոշեց համալսարանական յառաջիկայ տարեշրջանին եւս աշակերտական – ուսանողական հիմնադրամի յատկացումները տրամադրել հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար ԱՖՀԻԼ-ի տրամադրելիք գումարն է` 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի:
ԱՖՀԻԼ-Ի ԻՐԱՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿ