ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ քննարկուեցան վարչապետի աշխատակազմի 2020-ի պիւտճէի ծիրին մէջ նախատեսուած ծրագիրները եւ միջոցառումները: Մասնաւորաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ փոխվարչապետերու գրասենեակներու, աշխատակազմին համար գործող մարմիններու գործունէութեան:
Վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ զեկուցուած է, թէ միջոցառումները միտուած պիտի ըլլան պետական կառավարման համակարգի արդիականացման, արդիւնաւէտութեան, քաղաքացիներուն մատուցուող ծառայութիւններու որակի բարձրացման, ելեկտրոնային հարթակներու գործունէութեան ընդլայնման, ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան եւ այլ ծրագիրներու:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատեց վերը նշուած ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացումը եւ անհրաժեշտ համարեց բարձրացնել քաղաքացիներուն մատուցուող ծառայութիւններու հասցէականութիւնը, աշխուժացնել աշխատանքները պետական համակարգի թուայնացման եւ այլ ուղղութիւններով:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծեց նաեւ պետական համակարգի աշխատունակութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը եւ տուաւ յստակ յանձնարարականներ: