ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Լաւ յիշատակներով չէ, որ կ՛աւարտենք 2019 տարին, եւ վստահաբար բարձր տրամադրութիւններով չէ, որ կը դիմաւորենք 2020 կոչուած Նոր տարին:
Բարի տրամադրութիւններով ու հաւաքական ճիգերով եւ, 2018-ին հետ բաղդատելով, աւելի լաւ տարի մը բոլորելու մեր բոլորին կամքը բաւարար չեղաւ, որ մենք 2019 տարին հանգիստ սրտով ճամբէինք:
Անկախ ներհայկական ճակատի տարբեր դաշտերու վրայ արձանագրուած յաջողութիւններէն, գոյատեւման ու երբեմն զարգացման բացառիկ ճիգերէն, փաստօրէն Լիբանանը մտաւ յորձանուտի մը մէջ, որուն ծանր նախանշանները սկսած էին տարեսկիզբին, շարունակուեցան տարուան ընթացքին ու անոր աւարտին երկիրը մուտք գործեց փակուղի, որմէ դուրս գալու համար ցարդ ի գործ դրուած ջանքերը մեծ ակնկալութիւններու չեն առաջնորդներ:
Փաստօրէն, այն ինչ որ պատերազմի արհաւիրքը չէր կրցած պարտադրել լիբանանցի ժողովուրդին, նորաստեղծ կացութիւնը այսօր կրցաւ ընել ու հարուածել լիբանանցի քաղաքացիին տնտեսական կարողութիւնները, ընկերային տագնապներուն դէմ կանգնելու խիզախութիւնը` ու զայն վերածելով սոսկ իր օրապահիկը ապահովելու եւ նուազագոյնով գոհանալու ձգտող թիւ-քաղաքացիի, որուն համար իր ընտանիքին հացը դարձաւ միակ նպատակակէտ` ճամբան լայն բանալով արժէքային համակարգի քանդումին, գաղափարական սնանկութեան եւ ընդհանրական հեղինակազրկումին դիմաց:
Տասնամեակներու ընթացքին ընկերային, տնտեսական, կենցաղային, ելեւմտական եւ կրթական մարզերու մէջ կատարուած բացթողումները, միտումնաւոր ու շահախնդիր անտեսումները, իշխանական սակաւապետութեան շահամոլութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը, պետական հարստութեան ու մուտքերու իւրացումը, կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, դասակարգային հարստահարութիւնը փաստօրէն բաւարար էին, որ երկիրը հասնէր իր այսօրուան վիճակին:
Իրերայաջորդ վարչակարգերու թէ կառավարութիւններու տնտեսական զարգացման անհաւասարակշիռ նախաձեռնութիւնները, ծառայողական տնտեսութեամբ փոխարինելու արտադրողական եւ արդիւնաբերական տնտեսութիւնը, հարկային անհաւասարութիւնն ու անարդար բաժանումը, երկիրը ներածման դրախտի վերածելով ճարտարարուեստի, փոքր արտադրութեանց թէ երկրագործութեան հարուածը եւ դեռ երկրի ենթակառոյցներուն, առողջապահական թէ ընկերային կարիքներու նկատմամբ անբաւարար հոգածութիւնն ու երբեմն անտարբերութիւնն ու պատասխանատուութեանց թօթափումը ճամբայ հարթեցին դէպի ճգնաժամային այս հանգրուանին:
Եւ պատահեցաւ անխուսափելին:
Այլ բան ակնկալել կարելի չէր լիբանանցի ժողովուրդէն:
Դանակը հասած էր ոսկորին:
Բոլոր համայնքներէն, բոլոր խաւերէն բոլոր դասակարգերէն նոյնիսկ փտածութեան մաս կազմող եւ փտածութեամբ իրենց հարստութիւնը դիզած քաղաքայիններ 17 հոկտեմբեր 2019-ին իջան փողոց ու իրենց հաւաքական պոռթկումը, ցասումն ու ըմբոստութիւնը արտայայտեցին` մերժելով ամէն հեղինակութիւն, կիսալուծում կամ ալալիբանանեան կարգադրութիւն:
Հեռու դաւադրական տեսութեան վարկածէն, թէ որո՛նք, ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս կը կանգնին նման ժողովրդային շարժումի մը ետին, հարցը չի դադրիր տագնապ ըլլալէ եւ պոռթկումին տուն տուող պատճառներու առարկայականութիւնը վիճելի չի դարձներ:
Այս բոլորը միաժամանակ մեր հարցերն են:
Առ այդ, 2020-ը կը դիմաւորենք խոր մտահոգութեամբ, տագնապահար տրամադրութեամբ եւ ոչ պայծառ ապագայի մը կանխատեսութեամբ:
Ու հետեւաբար` ողբա՞նք:
Արտասուե՞նք եւ մեր բա՞խտը անիծենք:
Խուճա՞պ ստեղծենք:
Եղերամա՞յր դառնանք եւ շիրմաքա՞ր դնենք լիբանանահայութեան վրայ:
Յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան միջեւ այսօր մեզի համար անհրաժեշտը` իրատեսութիւնն է, ու պատասխանատուութիւնը քաջաբար վերցնելու մարտահրաւէրը թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական իմաստով:
Իրատեսութիւնը` քննելու, թէ ո՛ւր է լիբանանահայութիւնը այսօր եւ ի՛նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի ան:
Ի՞նչ են անոր կարիքները ճշգրիտ ձեւով եւ առանց շահագործումի:
Իրատեսութիւնը կը պահանջէ առաջնահերթութեանց ճշդում, նախապատուութեանց յստակացում, համեստութիւն մեր ծրագրաւորման մէջ:
Իսկ պատասխանատուութիւնը` հաւաքաբա՛ր:
Անցնող երեք շաբաթներուն զանազան հաստատութեանց, բարերարներու թէ անհատ ազգայիններու լիբանանահայութեան ճգնաժամին հասնելու նուիրաբերումը բաւարար փաստ է այն հաւատքին, որ տակաւին գոյութիւն ունի մեր ուժին ամրապնդման անհրաժեշտութեան հանդէպ:
Այս ճիգը պիտի ու պէ՛տք է շարունակուի անկասկած, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ մանաւանդ Հայաստան եւ սփիւռքեան միւս գաղութներուն մէջ` իբրեւ համահայկական հզօրութեան պահպանման հրամայական:
Բայց միաժամանակ խուճապէն անդին, մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, պարտինք ըլլալ նաեւ զուսպ եւ չշահագործենք հաւաքական զօրակցութեան արտայայտութիւնները:
Առաջին օրինակը պիտի տանք մենք, կարիքը ունեցողը զիջելով ծայրայեղ կարիքաւորին, կարեւոր նախաձեռնութիւն մը ունեցողը զիջելով աւելի կարեւոր նախաձեռնութեան մը, խնայողութեամբ տնտեսելով մեր անհատական թէ հաւաքական առօրեան:
Եւ դեռ, իբրեւ լիբանանահայութիւն, վերատեսութեան ենթարկելով մեր առաջնահերթութիւնները, պարտինք տալ դժուար որոշումներ, երբեմն նաեւ ցաւցնող ու կարծր` թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ միութենական, թէ՛ հասարակական տարբեր բնագաւառներու մէջ: Առաջնահերթը հայ դպրոցն է եւ հայ ընտանիքի պահպանումը:
Ընդունինք, որ 2020 տարին դժուար տարի մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար:
Իրատեսութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու հաւաքաբար կրնա՛նք յաղթահարել այս տագնապը եւս:
Նախ` մենք մեզի հետ ըլլլալով:
Ապա արդար ակնկալութեամբ պահանջելով, որ Հայաստանն ու սփիւռքը ըլլան մեզի հետ:
Եւ բոլորս` իրարու հետ, միասնաբա՛ր:
Իրատեսութեամբ ու հաւաքական պատասխանատուութեամբ:
«Ազդակ» բացառիկ – 2020