ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու յանձնախումբը յայտարարեց 2020-2021 տարեշրջանի կրթանպաստներու արժանացող ուսանողներու ցանկը:
ՀԿԲՄ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղը ամէն տարի կրթանպաստ կը յատկացնէ Ամերիկայի տարածքին 4ամեայ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներու: Այս տարի, նկատի ունենալով մեծ թիւը դիմումնագիրերուն՝ որոշուեցաւ փոխան 5ի, պարգեւատրել 6 ուսանողներ` իւրաքանչիւրը 1500 տոլարով:
Համաճարակին պատճառաւ, այս տարի պարգեւներու բաշխումի ընդունելութիւնը պիտի փոխարինուի առցանց միջոցառումով:
«Հպարտ ենք ուսանողներուն նուաճումներով եւ համայնքէն ներս իրենց գործունէութեամբ: Բոլորին կը մաղթենք յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ», ըսաւ յանձնախումբին ատենապետը՝ Վազգէն Խոտանեան:
Կրթանպաստներուն տիրացող ուսանողներն են.
ՍԵՐԱ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ, Փասատինա. ան երկարամեայ անդամ է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄի սկաուտական կազմին, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան պարախումբին եւ համայնքէն ներս այլ կազմակերպութիւններու: Ան հայերէն կը դասաւանդէ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն: Մասնակցած է Ֆրեզնոյի միակ հայկական դպրոցին հայերէն գիրքեր հաւաքելու արշաւին` նուիրելով աւելի քան 300 հրատարակութիւն: Ան պիտի յաճախէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA), ուսանելով կենսաբանութիւն եւ պատուաստագիտութիւն:
ԱՐՄԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ, Կլենտէյլ. ան ծնած է Հայաստան, ուր մասնակցած է արեան քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու օգնութեան ծրագիրներուն մէջ: Դասաւանդած է սահմանային Նուպարաշէնի եւ Տիգրանաշէնի դպրոցներուն մէջ: 2016ին սկսած է յաճախել UCLA համալսարանը, ուր առաջին եռամսեակի աւարտին զինուորակոչուած է Հայոց բանակ: Աւարտելէ ետք իր ծառայութիւնը, Արմէն այժմ կը վերադառնայ նոյն համալսարանը` շարունակելու իր ուսումը տնտեսագիտութեան եւ վիճակագրութեան ճիւղերուն մէջ:
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ, Իսթ Ուիլիսթըն, Նիւ Եորք. ան կը յաճախէ «Լաֆայէթ» համալսարանը, ու կ՛ուսանի կենսաբանութիւն, նպատակ ունենալով դառնալ բուժքոյր:
Անդամակցած է հայկական բազմաթիւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն` ՀԵԴ, Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական միութիւն, «Քեմփ Հայաստան» եւ մաս կազմած է իր եկեղեցւոյ պասքեթպոլի խումբին: Ան գործունեայ է իր համալսարանի բազմաթիւ կազմակերպութիւններէն ներս եւ հիմնադիրն ու նախագահն է «Լաֆայէթ» համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան:
ՏԱՆԻԷԼԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ, Ալթատինա. ան կը յաճախէ Սան Տիէկոյի համալսարանը ու կը մասնագիտանայ սնուցումի ծրագրաւորման մէջ: Ան մաս կազմած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, հայկական մշակոյթը տարածելու եւ հանգանակութիւններ կազմակերպելու՝ կարօտեալներու համար: Մաս կազմած է Սէն Տիէկոյի Համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան:
ԷՏԿԱՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ, Կլենտէյլ. ան պիտի սկսի յաճախել Քալիֆորնիոյ համալսարանը մասնագիտանալու համար կենսաբանութեան մէջ, միաժամանակ հետեւելով հայագիտութեան դասընթացքներուն: Կանուխ տարիքէն կորսնցնելով իր հայրը, ան կեդրոնացած է իր ուսումին վրայ եւ մասնակցած է համայնքային կեանքին ու արուեստներու ծրագիրներու: Կամաւոր աշխատած է «Լարք»ի հետ: Ան գնահատուած է Կլենտէյլի Ուսումնական խորհուրդին եւ Հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներու յանձնախումբին կողմէ եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու:
ՄԱՐՔ ԹՈՓՈՒԶԵԱՆ, Ֆրեզնօ. ան կը յաճախէ UCLA համալսարանը, ուր կ՛ուսանի կենսաբանութիւն, շարունակելու համար բժշկութեան ճիւղին մէջ: Մարքը փոքր տարիքէն մասնակից եղած է բազմաթիւ ծրագիրներու, օգտակար ըլլալով շրջանի հայութեան եւ տեղական համայնքին: Ան ծառայած է Ֆրեզնոյի Առեւտուրի պալատի կրտսերներու յանձնախումբին մէջ, սորվելով գործարարութիւն եւ տեղական քաղաքականութիւն: Ընտանիքին հետ Հայաստան այցի ընթացքին մասնակցած է բարերար աշխատանքներու, օգտակար ըլլալով աղքատ գիւղացիներու եւ Վարդանանց Ասպետներու միջոցաւ մասնակցած է բնակարանի կառուցման ծրագիրին: Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: