Կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ անուանի բժիշկ, բարերար Ռաֆֆի Յովաննէսեան:
Ան Ամերիկայի հայ բժիշկներու միութեան խորհուրդի անդամ էր, մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին մէջ, մասնաւորապէս` Արցախի բուժաշխատողներու շարունակական բժշկական կրթութեան գործին մէջ: