Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի վարչութիւնն ու տնօրէնութիւնը այս սեղմ տողերուն մէջ կու գան ուրախութեամբ լիբանանահայութեան եւ յատկապէս անոր ազգանուէր կառոյցներուն յայտնել, թէ 1 յունիս 2020-ին, ձեռամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան, վսեմաշուք`
Տիար ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԵԿԵԱՆ-ի ստացած են
Տիկին ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ի
Կեդրոնիս կատարած յատուկ ներդրումը` 10.000. 000 լ. ոսկի:
Բոլորիս ծանօթ է, թէ իբրեւ լրագրող, նաեւ իբրեւ կողակիցը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ` տիար Նիկոլ Փաշինեանի, տիկին Յակոբեան դիպուկ սէր, խանդաղատանք եւ մտայղացումներ ունի հայրենիքի թէ սփիւռքի Յատուկ դաստիարակութեան զարգացողական ծրագիրներուն նկատմամբ:
Շնորհակալութիւն օրէ-օր զարգացող սիրոյ օղակներուն համար:
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ