Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ մեկնաբանութիւններ կատարած է այս օրերուն համատարած բանավէճի նիւթ դարձած Այա Սոֆիա պատմական տաճարը որպէս մզկիթ վերստին պաշտամունքի բանալու հարցին մասին։
Սահակ արք. քննադատած է աղօթավայրին որպէս թանգարան գործածութիւնը։ “Այա Սոֆիան կառուցուեր է տասը հազար բանուորներու վաստակով, հսկայական գումարներու յատկացումով։ 1500 տարիներէ ի վեր անհամար վերանորոգութիւններ, «Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ» հիմնադրամի ջանքերը… այս բոլորը կատարուեցան, որպէսզի Այա Սոֆիան գործածուի իբրեւ պաշտամունքի վայր, եւ ոչ թէ՝ իբրեւ թանգարան։ Կը խորհիմ, թէ աղօթավայրին էութեան աւելի յարիր է՝ հաւատացեալ մարդոց ծնրադիր՝ երկիւղածութեամբ եւ երկրպագութեամբ աղօթելուն, քան հետաքրքիր զբօսաշրջիկներու՝ լուսանկարելու համար հոս ու հոն վազվզելուն”, ըսած է Սահակ արք.։
“Կրնանք բաժնել Այա Սոֆիայի գմբէթը”
Այսպէս, Այա Սոֆիան պաշտամունքի վերաբանալու համամիտ Մաշալեան, առաջարկած է, որ անոր մէկ մասն ալ յատկացուի քրիստոնեաներուն։ “Աղօթավայրը բաւական մեծ է։ Հոն քրոստոնեաներուն ալ մաս մը թող յատկացուի։ Համայն աշխարհ թող տեսնէ մեր կրօնական համերաշխութիւնը, թող ողջունէ մեր հասունութիւնը։ Այա Սոֆիան թող վերածուի մեր ժամանակաշրջանին ու մարդկութեան համերաշխութեան խորհրդանիշին։ Շա՞տ երազական է։ Միթէ բոլորս ալ նոյն երկինք-գմբէթին տակ չէ՞, որ կ՚աղօթենք։ Կրնանք նաեւ բաժնել Այա Սոֆիայի գմբէթը։ Նոյնիսկ եթէ տարբեր են մեր հաւատքները՝ միթէ նոյն Աստուծոյ չէ՞ որ կը հաւատանք բոլորս”, ըսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը։
“Չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ՝
խաչի ու մահիկի նոր բանավէճի մը «պերճանքը»”
Մաշալեան այնուհետեւ շարունակած է ըսելով. “1000 տարի քրիստոնէական, 500 տարի մահմետական աղօթքները իր պատերով ներծծած, անոնցմով համադրուած աղօթավայրը՝ չեմ կարծեր որ առարկութիւն մը ունենայ ասոր։ Մտէք հոն, շնչեցէք լռութիւնը եւ իմացէք անկէ։ Այա Սոֆիան, «Օրհնեալ իմաստութեան» այս աղօթավայրը իր ապրած՝ մարդկութեան 1500-ամեայ պատմութեան ընդմէջէն ձեզի պիտի յորդորէ, որ խաղաղութենէն աւելի արժէքաւոր բան չկայ։ Այսինքն, չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ՝ խաչի ու մահիկի նոր բանավէճի մը «պերճանքը»։ Աշխարհը պիտի փրկուի խաչին ու մահիկին գոյակցութեամբ։ Նման խաղաղութիւնը աշխարհին ձօնելը վայել է Թուրքիոյ Հանրապետութեան”։ ■