ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Յունիսին, Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի 19.157 պարագաներ, որոնց 8266-ը ապաքինած են:
Ներկայիս այս հիւանդութենէն կը բուժուին 10.462 վարակակիրներ: Կատարուած են 91.943 քննութիւններ: Մէկ օրուան մէջ կան 459 նոր պարագաներ եւ 706 ապաքինումներ։
Այս ժահրին պատճառով արձանագրուած են մահուան 319 պարագաներ:
Արցախի մէջ, թէեւ այս ժահրին պատճառաւ մահեր չկան, վարակուողներու թիւը հասաւ 96-ի, քննութիւն կատարածներուն թիւը 1553 է, կայ 93 մեկուսացած են անձեր։