Թագաժահրին պարտադրած սահմանափակումները եւ մարտահրաւէրները յաղթահարելով՝ Մաշոտց քոլեճը համակարգչային հեռակայ ուսուցման արդիական բոլոր միջոցները օգտագործելով՝ շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը, որ բեղմնաւորուեցաւ: Ուրբաթ, 26 Յուլիսին, 92 մանկավարժութեան ուսանողներ ակադեմական իրենց տարազներով մէկ առ մէկ բեմ բարձրանալով՝ ստացան իրենց համապատասխան վկայականները, ձեռամբ քոլեճի նախագահին՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի:
Շրջանաւարտներուն աչքերուն մէջ երախտագիտութեան, ուրախութեան եւ բաժանումի արտայայտութեան արցունքներ կը հոսէին, երբ ֆիզիքական երկար բացակայութենէ ետք, վերամիանալով՝ անոնք կ’ողջագուրուէին, ի մասնաւորի, երբ շրջապատուած էին իրենց ընտանեկան հարազատներով, որոնք եկած էին ականատեսները դառնալու այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ վկայականներու տուչութեան:
Մաշտոց քոլեճը մեծ թափով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ առանց ընկրկումի եւ նահանջի ամառային ու աշնանային իր դասընթացքները ի սպաս դնելով հետաքրքրուող ուսանողներու, որոնք կոչումն ունին ծառայելու մեր գաղութներուն՝ իբրեւ հայագէտներ եւ մանկավարժներ:
(Թղթակցութիւնը՝ քոլեճէն)