Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Կը Հաստատէ՝ 2 սպաննուած զինուոր եւ 5 վիրաւոր
Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները 12 յուլիսին` մօտ ժամը 12:30-ին, ՈՒԱԶ մակնիշի մեքենայով Տաւուշի ուղղութեամբ Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: «Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք Ազրպէյճանի զինուորները, ձգելով ՈՒԱԶ մակնիշի մեքենան, վերադարձած են իրենց դիրքը: Ժամը 13:45-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները կրկնած են հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը` կիրարկելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ, կորուստներ կրելով` ետ շպրտուած», յայտնած է Ստեփանեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմէն կորուստներ չկան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին 12 յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին պատճառով սպաննուած է ազրպէյճանցի 2 զինուոր, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Աւելի ուշ, կիրակի, 12 յուլիսի երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը տեղեկացուց, թէ Ազրպէյճան վերսկսած է ռմբակոծել Տաւուշի հայկական զինուորական նոյն դիրքերը:
Ան ըսած է, որ իրավիճակի լարման հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: