Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը .« Քիչ առաջ վերադարձայ Հատրութ քաղաքէն: Ինչպէս գիտէք, թշնամին անտեսելով մարդասիրական զինադադարի համաձայնութիւնը, յարձակում գործած էր քաղաքին ուղղութեամբ:
Իրավիճակը այս պահուն ամբողջութեամբ կը գտնուի պաշտպանութեան բանակին վերահսկողութեան տակ: Իսկ առկայ համաձայնութիւններուն եւ անոնց խախտման շուրջ պիտի խօսիմ վաղը՝ կիրակի առաւօտեան ժամը 10-ին կայանալիք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Յուսամ այս անգամ նոր խոչընդոտներ չեն ըլլար». գրած է Արցախի նախագահը: