Reuters լրատուական գործակալութիւնը վկայակոչելով Ֆրանսայի նախագահ էմմանուէլ Մաքրոնի կատարած յայտարարութիւնը, հաղորդեց, թէ ըստ վերջինիս՝ Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի կարելի եղածէն աւելի շուտ զինադադարի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ:
Մաքրոն, ամփոփելով Եւրոպական Միութեան վերջին գերաստիճանը, վերահաստատած է անոր զօրակցութիւնը՝ Կիպրոսին եւ Յունաստանին, միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատած է Միջերկրական ծովի հարցերուն շուրջ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը: