Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել առ ճակատման հռետորաբանութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները:
« Ռուսիա բուռն աշխատանք կը կատարէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ Ղարաբաղի մէջ կրակը դադրեցնելու համար հսկողութեան մեքանիզմ ներդնելու ուղղութեամբ:Յոյսով եմ` անիկա շուտով կը ներդրուի: Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն ետք յոյսերը չարդարացան, Ղարաբաղի մէջ բախումները կը շարունակուին, ինչ որ անընդունելի է».-յայտնեց Լաւրով:
Նախարարը նաեւ նշեց, որ Ռուսիան Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան մօտ ժամանակներս համաձայնիլ զինադադարի համար հսկողութեան մեքանիզմ ներդնելու առաջարկին:
«Որպէսզի զինադադարը գործէ (մենք արդէն համոզուած ենք երկու փաստաթուղթերը ընդունելէ ետք), անհրաժեշտ է զինադադարի պահպանման հսկողութեան մեքանիզմ ստեղծել: Այդ ուղղութեամբ մենք բուռն կ՛աշխատինք, ներառեալ մեր պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ միասին: Յոյսով եմ` մօտ ժամանակներս կը համաձայնեցուի այդ մեքանիզմը»,-ըսաւ Լաւրով: