Ֆրանսայի Ծերակոյտը չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերի երեկոյեան պիտի սկսի քննարկել Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու բանաձեւին քննարկումներուն:
Քննարկումները պիտի սկսին Պէյրութի ժամանակացոյցով՝ 17.30-ին:
Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ՝ Պռունօ Ռետայօն, Փաթրիք Մանէն, Էրվէ Ալիան Աղասին եւ Կիլոմ Կոնթարտը:
Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբաւորումի ղեկավար Պռունօ Ռետայօ յայտարարեց, թէ միայն նման անկախութիւնը կրնայ երկար ժամանակով պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ազատութիւնը, անոնց՝ որոնք բախում ունեցած են թրքական ծաւալողապաշտութեան հետ: