Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
- Լ եւ ղ
Հայ լեզուաբանները բաւական յոգնեցնող զոյգ մը կը կազմէ մեսրոպեան Լ եւ Ղ տառերու արտասանութիւնը: Ո՛չ ներկայիս, ուր անոնք շատ յստակ ու տարբերակուած կ’արտասանուին. Լ կ’արտասանուի լեզուի յառաջամասով, իսկ Ղ կ’արտասանուի բոլորովին հակառակը՝ լեզուի յետնամասով, այլ խօսքով՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր ու անշփոթելի հնչիւններ են ասոնք ներկայիս եւ փարսախներով հեռու իրարմէ:
Սակայն միշտ այսպէս պարզ ու յստակ չէ եղած:
* * *
Մենք գիտենք, որ Մեսրոպ հայերէնի իւրաքանչիւր հնչիւնի յատկացուց մէկ ուրոյն տառ, եւ իւրաքանչիւր տառի յատկացուց մէկ ուրոյն հնչիւն: Այս յատկութիւնն ալ մեսրոպեան այբուբենը կը դարձնէ ամենայաջողներէն մէկը, քանի իր այս յատկութեան շնորհիւ ամէն շփոթ կը վերնայ արտասանութեան ու գրութեան միջեւ:
Այս յատկութեան շնորհիւ ալ մեր նախնիները շատ դիւրին կը գրէին հայերէնը, քանի գրու թիւնը գրեթէ մեքենական վերարտադրութիւնն էր արտասանութեան:
Տիպար այբուբենը ահա ա՛յս է:
Ասով հանդերձ կան իրողութիւններ, որոնք ունին խանգարիչ հանգամանք մը:
Եւ արդարեւ:
Մեսրոպի օրով կատարուած տառադարձութիւններուն մէջ յունական, ասորական եւ պարսկական L տառերը հայերէն մերթ տուած են Լ եւ մերթ՝ Ղ:
Օրինակ՝
—Յունական բառեր՝ գալլոս (ներքինի), զմելին, աղկիոն, աղեկատ:
—Ասորական բառեր՝ լումայ, տարմալ (տոպրակ), աբեղայ, գաղութ:
—Պարսկական բառեր՝ բլբուլ, լաչակ, կաղամբ, լեղակ[1]:
Ուրեմն այս փոխառութեանց մէջ երեւցող մեսրոպեան Լ եւ Ղ տառերուն դիմաց փոխատու լեզուներուն մէջ ունինք նոյն ու մեկին Լ հնչիւնը կամ տառը:
Հիմա, հարցերը, որոնք պարբերաբար կը կը ծագին, հետեւեալներն են.
ա)Մեսրոպ իրապէս տարբերութիւն մը դրա՞ծ էր այս երկու տառերու արտասանութեան միջեւ:
Ենթադրելի է, որ այո, քանի որ մենք ունինք բառազոյգեր, որոնց նշանակութիւնները միայն Լ-ի ու Ղ-ի շնորհիւ կը տարբերին. օրինակ՝ գոլ եւ գող, խալամ եւ խաղամ, կալ եւ կաղ, շիլ եւ շիղ եւ այլն. ասոնց իմաստները պիտի զանազանուէին, շնորհիւ արտասանութեան տարբերութեան:
բ) Շատ բարի. եթէ տարբեր կ’արտասանուէին Լ եւ Ղ տառերը, հապա ինչո՞ւ օտար բառերու L տառերը մերթ Լ-ով ու մերթ Ղ-ով կը տառադարձէին, քանի այդ լեզուներուն մէջ Լ կ’արտասանուի միայն մէ՛կ ձեւով:
գ) Իսկ եթէ տարբերութիւն չունէին Լ եւ Ղ հնչիւնները , հապա ի՞նչ պէտք ունէր Մեսրոպ այս մէկ հնչիւնին համար երկու տարբեր տառեր հնարելու, ինչ-որ բոլորովին անհեթեթ խճողում է:
* * *
Այս հարցերը շատ աւելի կը խճճուին , երբ նկատի առնենք, որ հայերէնի մէջ կան արմատներ, որոնք հաւասարապէս Լ-ով ու Ղ-ով կը գրուած են. օրինակ՝
—ջիլ եւ ջիղ՝ ջլապինդ-ջղագար
—ծալ եւ ծաղ՝ ծալապատիկ-ծաղարան
—այլ եւ այղ
—թոյլ եւ թոյղ (հետագային՝ թող)
—նշոյլ եւ նշոյղ
Այս նոյն երկւութիւնը կը գտնենք օտար բառերու տառադարձութեան մէջ եւս. օրինակ՝ յունա-լատինական Lampas բառը հայերէն հաասարապէս տուած է լամբար եւ ղամբար. օրինակ՝ «Աաւօտ լուսոյ»-ի մէջ ունինք՝ «Ղամբարամբ լուսոյ, Ղեկավար ճարտար, Ղօղեալս ամրացո՛»: Լաւ, լամբար-ը հասկցանք, այս ղամբարը ուրկէ՞ կու գայ: Այսպիսի շփոթեցուցիչ շատ օրինակներ կան տակաւին:
Այս հարցերը, ինչպէս ըսինք, ատենը մէյ մը գլուխ կը ցցեն, կը քննուին, ինչ-որ լուծում ստացած ըլլալու պատրանքը կը ձգեն՝ առանց սակայն իրապէս լուսաբանելու առեծուածը, որ ատեն մը կը լռէ, այո, սակայն…հասարակաց հաւանութեան չ’արժանանար եւ վերստին քննութեան կ’արժանանայ:
2.Առտուա՞յ, թէ՞ առտուան
Հարցասէր բարեկամ մը կը հարցնէ, թէ այս երկուքէն ո՞րն է ճիշդը:
Ահա մօտաւորապէս այն պատասխանը, որ տուի իրեն:
Աւանդականօրէն ճիշդը եւ ընդունուածը առտուան ձեւն է, եւ մեր դասագիրքերուն մէջ՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, «ուայ» հոլովում չէ նշուած:
Այս մասնիկը կը գտնենք ընդհանրապէս ժամանակ ցոյց տուող անուններու ետին՝ օրուան, ժամուան, առտուան, իրիկուան, ամսուան, տարուան, երէկուան, այսօրուան, վաղուան, ժամուան, անգամուան եւ այլն եւ կը կազմեն սեռական-տրական հոլովները:
Ծանօթ.– Ոմանք չեն վարանիր ըսելու նաեւ պահուան, որ շատ տգեղ ու անբարեհունչ է, որքան ալ պահ ժամանակի անուն ըլլայ: Կ’ըսենք հիմակուան, սակայն չենք ըսեր վերջուան, ետքուան, այլ հարց թէ…ըսողները չեն պակսիր: Միւս կողմէ՝ չենք ըսեր մահուայ, այլ միայն մահուան:
Սակայն ամէն բան այսքան յստակ, պարզ ու կարգին չէ:
Հայերէնը ի վաղուց անտի պայքարած է բառավերջի «ն» բաղաձայնին դէմ ու կը փորձէ չքացնել զայն. օրինակ՝ զմելին եղած է զմելի, ապարանջան կը ջանայ ըլլալ ապարանջա(յ), հարսն, մատն, ամառն, ձմեռն…ասոնք բոլոր կորսնցուցած են իրենց ն-երը՝ հարս, մատ, ամառ, ձմեռ: Այս ձգտումին գլխաւոր թիրախներէն մէկը ուան մասնիկն է. եթէ արեւմտահայ ինտելիգենցիան կ’ըսէ այսօրուան, վաղուան…ռամիկը հակամէտ է միահամուռ ըսելու այսօրուայ, վաղուայ, երէկուայ, կէսօրուայ եւ բոլոր մնացեալները:
Արեւելահայերէնի մէջ կը տիրէ տարբեր կացութիւն մը:
Ի տարբերութիւն մեր բարբառին՝ արեւելահայերէնը գոյականի հոլովումին մէջ կը զանազանէ սեռականն ու տրականը. օրինակ՝ արեւելահայերէնի մէջ ծառի սեռական է, ծառին տրական է,– այսպէս ալ բոլոր գոյականները:
Գալով ուան մասնիկին, ապա ՝
—սեռականի մէջ ան ուայ (վա) է. օրինակ՝ օրուայ, վաղուայ, երէկուայ եւ այլն:
—տրականի մէջ ան ուան է. օրինակ՝ օրուան, վաղուան, երէկուան[2]:
Ճիշդ ե՞րբ յառաջացած է այս ջրբաժանը մեր երկու բարբառներուն միջեւ– չեմ գիտեր, երկար հետազօտութիւններու կը կարօտի: Կրնամ ըսել այսքանը, որ անցեալին այսպէս չէր. օրինակ Սայաթ-Նովա ունի հետեւեալ կիրարկութիւնը՝
Չունիմ վաղուան[3] քաղցր փառքս…
Վաղուան-ը այստեղ սեռական հոլով յատկացուցիչ է, բայց ահա կը կրէ ուան եւ ոչ թէ ուայ(վա), ինչ որ պիտի ընէր արդի արեւելահայը:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն, ուան մասնիկի «ն» հնչիւնը ըստ էութեան կորսուած է ընդհանուր հայերէնի մէջ, սակայն ան կը քաշքշուի դպրոցական քերականութեան ծանօթ արեւմտահայ խաւին ճիգերով միայն եւ այս ընթացքով ան դատապարտուած է դանդաղ ու վերջնական մահուան:
[1] Այս բառին բնօրինակը պարսկեէնի եւ այլ լեզուներու մէջ lelak է, որուն առաջին L-ը հայերէն տուած է Լ, իսկ երկրորդ L-ը տուած է Ղ: Ինչո՞ւ…
[2] Այս պարագային բառավերջի «ն»-ն կ’ընկալուի իբրեւ որոշիչ յօդ:
[3] Վաղուան կը նշանակէ անցեալի, երբեմնի: