Հայկական կողմը առաջարկութիւն մը եւս ներկայացուցած է Արցախեան երկրորդ պատերազմին հետեւանքով գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն:
Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան նշեց, թէ «Բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափով գերիներու փոխանակումը աւարտելէ ետք, հետագային նոր գերիներ յայտնաբերուելու պարագային, կողմերը առանց նախապայմանի կը պարտաւորուին ազատ արձակել զանոնք: Փոխվարչապետը ըսաւ, թէ սոյն սկզբունքը ներկայացուած է Ազրպէյճանին: Ըստ Աւինեանի՝ Ազրպէյճան պատճառ մը չունի մերժելու հայկական կողմին առաջարկը:
Նշենք, թէ հայ եւ ազերի կողմերը ներկայիս կ’ամբողջացնեն գերիներուն ցանկը, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան փոխանակումները: