Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերքեց Լեռնային Ղարաբաղի եռակողմ յայտարարութեան յաւելուածի առկայութեան լուրերը:
«Ոչ մէկ յաւելուած գոյութիւն չունի: Ինծի այսօր ըսին, թէ ինչ-որ լուրեր կան, թէ յաւելուածներ գոյութիւն ունին». նշեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով եռակողմ յայտարարութեան եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատումներու մանրամասնութիւնները ներկայացնելու պահանջին՝ Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ հարցերուն հրապարակային քննարկումը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ այս պահուն:
Վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնեց խորհրդարանի դռնակ նիստի մը ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադառնալ յայտարարութեան բոլոր կէտերուն: