ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը Հայաստանի հետ սահմաններուն առաւել քան 100 սահմանային մարտական կէտեր տեղակայած է: Այս մասին կը նշուի գերատեսչութեան ամփոփագիրին մէջ:
Անոր մէջ կը նշուի, որ 2021ին հայ-ատրպէյճանական սահմաններուն բացուած են 19 նոր զօրամասեր, ինչպէս նաեւ 104 սահմանային մարտական կէտեր, որոնց կարգին՝ «Էյվազլի» եւ «Ղազանչի» սահմանային անցակէտերը:
Ըստ ամփոփագիրին մէջ ներկայացուող մանրամասնութեան՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք «ատրպէյճանցի սահմանապահները ամբողջովին իրենց վերահսկողութեան տակ են առած իրանեան-ատրպէյճանական 132 քիլոմեթրնոց սահմանը»: