Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան տեղակալ Կարէն Գիլոյեան յայտարարեց, թէ « Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցոյթը 21 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ: Մրցոյթին մէջ ներառուած պիտի ըլլայ « Հանդիսատեսի համակրանք» կարգը, ուր հանդիսատեսը նախարարութեան՝ www.escs.am պաշտօնական կայքը այցելելով, մրցոյթին մասնակցող մարզիկներուն ազգանուններուն այբբենական կարգով դասաւորուած անուանացանկին վրայ ազատ պիտի ըլլայ ընտրելու իր նախասիրած մարզիկը: