ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 19 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրոյի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան միջեւ ձեւաւորուած հեռանկարային համագործակցութեան առնչութեամբ: Ընդգծուեցաւ երկկողմանի ջանքերը շարունակելու պատրաստակամութիւնը, փոխգործակցութեան ներկայի աշխուժութեան պահպանումը եւ երկխօսութեան աւելի ամրապնդումը, յատկապէս՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն: Նախարար Այվազեան իր զրուցակիցին ներկայացուց Արցախի մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդկային խոցելի իրավիճակը: Իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեցին ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման հրատապութիւնը:
Այվազեան նշեց, որ Հայաստան իսկապէս կ՛արժեւորէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ամբողջ ընթացքին կազմակերպութեան հետեւողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: