Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2022-ի յուլիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 7,42 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2022-ի յունիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութ` 10.40 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանան` 6,36 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանան` 8,09 առ հարիւր:
– Պեքաա` 8,89 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանան` 6,32 առ հարիւր:
– Նապաթիէ` 6,62 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2022-ի յուլիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 168.45 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2021-ի յուլիս ամսուան: Իսկ տարուան առաջին կիսուն, այլ խօսքով` առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 50 առ հարիւրի աճ արձանագրած են: